エピソード

  • Եկէք անկեղծ խօսինք #9 - Անդրանիկ Տագէսեան
    2024/09/06

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Անդրանիկ Տագէսեանին հետ

    🇦🇲Հայագիտութիւնը անէ՞ծք է, թէ շնորհ է։

    «Հայկական Ռափ» ը եւ «Սթրիթ արթ»ը նաեւ հայագիտութեան մաս կը կազմեն։

    Այսօր մեր զաւակները միայն մեզի չեն պատկանիր, այլ կը պատկանին աշխարհին։

    Ուսուցիչի լուրջ կարիք կայ, լաւ ուսուցիչի եւ քիչ մը ամէն տեղ։

    Մենք սովոր ենք, աւելի շատ խօսելու քան թէ գործելու։

    "Ես երբեք բաւարարուած չեմ իր աշխատանքով, կամ աշխատանքներու արդիւնքներով":

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայագէտ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին հետ

    続きを読む 一部表示
    38 分
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #8 -Արա Օշական
    2024/08/31

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Արա Օշականին հետ

    Միշտ չէ, որ մարդիկ պատրաստ են իրենց «Հաւաքական սթրէս»ին մասին պատմելու։

    🇦🇲Երեւանի մէջ մթնոլորտը, կեանքը սիրելու երեւոյթը միայն ողջունելի է։

    Պէտք է պահը ապրիլ, որովհետեւ չենք գիտէր,որ վաղուան օրը ինչ պիտի ըլլանք։

    Երեք սերունդ է արդէն, որ կը տագնապինք, ի վերջոյ երբ պիտի աւարտին հայութեան տառապանքները։

    Հօրս՝ Վահէ Օշականին օր մը ըսի, եկուր Արցախի մասին գիրք մը կազմենք ու այդպէս ալ եղաւ։

    Հայաստանը միշտ երեւակայական էր, եւ Արցախը խորքին մէջ պատուհան մը կապ մը եղաւ Հայաստանը ճանչնալու։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է ամերիկահայ լուսանկարիչ եւ վաւերագրող՝ Արա Օշականին հետ։

    続きを読む 一部表示
    29 分
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #7 - Վարդան Մատթէոսեան | Կոստան Զարեան
    2024/08/23

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Վարդան Մատթէոսեանին հետ| Կոստան Զարեան

    Ինչ պատճառներու բերումով Կոստան Զարեանին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը աճեցաւ։

    Զարեան սովորական գրող մը չէր։

    Անոր իրական արժէքը առաւելաբար բանաստեղծ էութեան մէջ է։

    Սփիւռքը չդարձաւ Զարեանը «գրկող» էութիւն մը։

    🇦🇲Մեծ գրողը շատ խանդավառ չէր Հայաստան գալով, բայց այլընտրանք չունէր։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցեց Վարդան Մատթէոսեանին հետ։

    続きを読む 一部表示
    30 分
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #6 - Ալեքսան Քէօշկերեան
    2024/08/17

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ

    🇸🇾🇱🇧«Երազային Հալէպ»էն մինչեւ այսօրուայ Պէյրութ

    Սփիւռքի բաբախող սիրտը այսօր ալ Պէյրութն է

    🇦🇲Ներգաղթի եւ Խորհրդային Հայաստանի մասին. Անձնական պատմութիւն

    Կուսակցութիւնները Սփիւռքի մէջ

    Այսօր հայութիւնը ամէնէն շատ կարիք ունի ապրող եւ ստեղծագործ հերոսներու

    Խաղաղութիւնը, այո ցանկալի է, բայց անհնար է խաղաղութեան հասնիլ առանց հզօր բանակի

    ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ գործիչ, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ

    続きを読む 一部表示
    39 分
  • «Եկէք անկեղծ խօսինք #5 - Յակոբ Ճամպազեան
    2024/08/10

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Յակոբ Ճամպազեանին հետ

    🇱🇧🇬🇧🇨🇦Այնճարէն Լոնտոն, ապա Թորոնթո։

    🇨🇦🇦🇲Որոնք էին այն կողմերը, որ իրապէս նեցուկ եղան Թորոնթոյի հայկական համայնքին։

    Վախի, ճակատագրի ու նախախնամութեան մասին։

    🇦🇲Հայութիւնն ու Հայաստանը մեծ տալիք ունին մարդկութեան, եւ ի մասնաւորի իրենց հարեւան երկիրներուն։

    Հայրենիքի ցաւը, հայրենիքի յաջողութիւնները եւ այդ բոլորի կողքին պատկանելիութեան զգացումն ու կապուածութիւնը։

    ⭕️Այս բոլորի մասին Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ համայնքային գործիչ, արուեստագէտ՝ Յակոբ Ճամպազեանին հետ

    続きを読む 一部表示
    29 分
  • «Եկէք անկեղծ խօսինք #4- Մովսէս Հերկելեան
    2024/08/02

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Մովսէս Հերկելեանին հետ

    🇱🇧Իրենց համար աշխարհը կը սկսէր Այնճարէն եւ կը հասնէր մինչեւ Սաննինի լեռները։

    Ո՞վ էր, որ զիրենք կը ծեծէր եւ ստիպելով եկեղեցի կը տանէր։

    Ըստ մեր հիւրին այսօր մենք յանձնառու, հեղինակութիւն ունեցող մտաւորական չունինք։

    Կան խորհրդաւոր ուժեր, որ կը կառավարեն այսօրուայ աշխարհը։

    🇦🇲Արհեստական բանակութեան մէջ ամենաուժեղը հայե՞րն են։

    🌏Աշխարհ մը առանց սահմաններու, ոչ անձագիր, ոչ կնիք ոչ ալ սահմաններ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ (Բնիկ Մուսալեռցի) արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին հետ։

    続きを読む 一部表示
    36 分
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #3 - Սարին Հայրապետեան
    2024/07/26

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը ՝ Սարին Հայրապետեանին հետ

    🇦🇲Սարին Հայրապետեանի ն համար Հայաստանը ամէն բանէ առաջ տուն է։ Քաղցր տուն, ինչու այս փուլին եւ ինչ նպատակներով։

    🇦🇲🇵🇸«Ժամանակը հասած էր,որ ես Արցախի մասին պատմէի»,- կը նշէ Սարին հաւատալով, որ վերադարձի դռները չեն փակուած։

    Պաղեստինի խնդիր եւ Արցախի խնդիրը մօտ են իրարու եւ այդ մէկը երիտասարդ բեմադրիչին նոր ուժ մը տուած է։

    Անոր յորդորը՝ «Եկէք Հայաստան, հոս ամէն ինչ տարբեր է»։

    ⭕️Այս բոլորի մասին Սագօ Արեան զրուցած է երիտասարդ բեմադրիչ եւ վաւերագրող՝ Սարին Հայրապետեանի հետ։

    続きを読む 一部表示
    33 分
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #2 - Արա Սանճեան
    2024/07/20

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը՝ Արա Սանճեանին հետ 🇱🇧Ի՞նչ են արմատները Լիբանանի մէջ եղած եղբայրասպան կռիւներուն։ 1958 թուականին Լիբանանի մէջ եղած տխուր դէպքերը խորքին մէջ ախտանիշ էին։ Որո՞նք եղան օգտուողները այդ բոլորէն։ 🇦🇲Համաշխարհային պայմանները մեծ դեր ունեցան ներ-հայկական մեծ պայքարին առընթեր։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։

    続きを読む 一部表示
    46 分